Ատրպէյճանը խստօրէն կը դատապարտէ Ֆրանսայի կողմէ «Պասթիոն» յարձակողական զրահամեքենայի «ուղարկումը Հայաստան»։ Այս մասին, տեղի լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն՝ պատասխանելով հարցին, թէ «լուրեր տարածուած են այն մասին, որ Ֆրանսան մեծ քանակութեամբ «Պասթիոն» զրահամեքենայ եւ զինամթերք ուղարկած է Հայաստան»։
Հաճիզատէն նշած է, որ նշուած զինամթերքի փոխանցումը կը ծառայէ տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի ռազմական ներուժի եւ «ապակառուցողական գործողութիւններու ամրապնդման»։
«Քայլերը, որոնք կը ծառայեն Հայաստանի ռազմականացման քաղաքականութեան՝ Ֆրանսայի զրպարտիչ հակաատրպէյճնական արշաւի եւ տարածաշրջանին մէջ անոր ապակառուցողական գործունէութեան լոյսին տակ ցոյց կու տան, որ Ֆրանսան սխալ շահեր ունի տարածաշրջանին մէջ։ Հայաստանն ու Ֆրանսան պէտք է վերջ դնեն տարածաշրջանին մէջ սպառազինման եւ ռազմականացման քաղաքականութեան, այս երկիրները պէտք է վերջապէս հասկնան, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնն այլընտրանք չունին»,- նշած է Հաճիզատէն։