image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանցի փորձագէտներ՝ Երեւան ժամանած են

Ատրպէյճանցի փորձագէտներ՝ Երեւան ժամանած են

Հոկտեմբեր 21-ին ուղիղ թռիչքով ատրպէյճանցի փորձագէտներ ժամանած են Երեւան՝ մասնակցելու քաղհասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ երկկողմ հանդիպման։

Այդ մասին գրած են ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ատրպէյճանական աղբիւրները։

Միջոցառումը կազմակերպած է Հայաստանի Անվտանգային քաղաքականութեան հետազօտական կեդրոնը, որ  ծանուցած է սպասուող կլոր սեղանի մասին։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ հանդիպման շարժառիթը օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հայ-ատրպէյճանական համաձայնութիւններն են, որոնց մաս կազմած է նաեւ Միացեալ Նահանգները։ Հետեւաբար՝ Երեւանի մէջ հայ եւ ատրպէյճանցի փորձագէտները կը քննարկեն խաղաղութեան օրակարգը, տնտեսական համագործակցութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ փոխվստահութեան ամրապնդման քայլերը։ Բացի այդ, պիտի քննարկուի քաղհասարակութեան միջեւ ուղիղ եւ երկարաժամկէտ կապերու հաստատման հարցը։

Հանդիպման մասին գրած են նաեւ արտրպէյճանական լրատուամիջոցները․ առաջիններէն մէկը ռազմական փորձագէտ Ատալաթ Վերտիեւն է, որ ընդգծած է՝ երկար տարիներու ընդմիջումէ ետք ատրպէյճանական օդանաւ ժամանած է Երեւան։

Ըստ այդ տեղեկութիւններու՝ ատրպէյճանցի փորձագէտներուն յատուկ տրամադրուած է ատրպէյճանական պետական ընկերութեան՝ AZAL-ի օդանաւ, որ Երեւան ժամանած է հոկտեմբեր 21-ի ցերեկը։

Առաջիկային հայկական մտակեդրոնը հանդէս պիտի գայ նոր հաղորդագրութեամբ։

Թռիչքը դէպի Երեւան ուղղակի Պաքուէն էր 

Հոկտեմբեր 21-22-ը Երեւանի մէջ կը կայանայ հայ եւ ատրպէյճանցի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ երկկողմ կլոր-սեղան քննարկում։ Այս մասին յայտնած են Անվտանգային քաղաքականութեան հետազօտական կեդրոնէն:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ քննարկման ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, անդրադարձ պիտի կատարուի օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք ձեւաւորուած խաղաղութեան օրակարգին, երկու հանրութիւններու միջեւ փոխվստահութեան ամրապնդման միջոցառումներուն, Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն տնտեսական համագործակցութեան ձեւաւորման հնարաւոր ուղիներուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ ուղիղ եւ երկարաժամկէտ կապերու հաստատման հեռանկարներուն։

Radar24-ի չուերթներու պատմութեան մէջ արձանագրուած է, որ ատրպէյճանցի փորձագէտները Պաքուէն Երեւան եկած են ուղիղ թռիչքով՝ «Ատրպէյճանական օդագնացութեան ուղիներու» (AZAL) օդանաւով: