image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան շատ արագ քայլերով մզկիթներ կը կառուցէ Շուշիի եւ Հատրութի մէջ

Ատրպէյճան   շատ արագ քայլերով մզկիթներ կը կառուցէ  Շուշիի եւ Հատրութի մէջ

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արագ կշռոյթներով մզկիթներ կը կառուցեն բռնագրաւուած հայկական բնակավայրերու մէջ:

Կրօնական կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքի պետական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Կիւնտուզ Իսմայիլով յայտնած է, որ յայտնաբերուած է 67 մզկիթ, որոնց մեծ մասը աւերուած է: Պաշտօնեային խօսքով` Հատրութի, Շուշիի եւ Մատաղիսի մէջ նոր մզկիթներու շինարարութիւնը կը շարունակուի:

Սակայն եթէ մզկիթները աւերուած են արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ, ապա ատրպէյճանցիները նպատակաուղղուած կ'ոչնչացնեն հայկական ժառանգութիւնը: Ատրպէյճանցիները արդէն բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ եւ յուշարձաններ քանդած եւ վնասած են 2020-ին հայկական տարածքներու բռնագրաւումէն յետոյ: