image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան Ռուսիային պահանջներ ներկայացուց

Ատրպէյճան Ռուսիային պահանջներ ներկայացուց

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն միջոցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը պահանջէ չգործածել «Լեռնային Ղարաբաղ» անուանումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»ը:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նշէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրամիաւորի պաշտօնական տեղեկութեան մէջ «ատրպէյճանական բնակավայրերու» անունները տակաւին կը նշուին հայկական տեղանուններով՝ ընդգծելով. «Անցանկալի է պարբերաբար յիշատակել Ղարաբաղի տնտեսական շրջանը՝ իբրեւ «Լեռնային Ղարաբաղի» տարածք»:

«Ատրպէյճանի տարածքին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան կոչ կ՛ուղղենք՝ համապատասխան տեղեկատուութեան մէջ մեր երկրի տարածքին մէջ գտնուող բնակավայրերուն անունները նշելու մեր պաշտօնական դիմումին մէջ նշուած ճիշդ տեղանուններով», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ, ըստ որուն Ատրպէյճան պաշտօնապէս ցանկ եւ քարտէս տրամադրած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, Ատրպէյճանի տարածքին մէջ ժամանակաւորապէս տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի նախկին եւ ներկայ հրամանատարութեան, ինչպէս նաեւ ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոնին՝ «Ատրպէյճանի Ղարաբաղի տնտեսական շրջանի բնակավայրերու, որոնք կը ներառեն ատրպէյճանական տեղանուններուն համապատասխան անուանումներ: Ատրպէյճանը բազմիցս դիմած է պաշտօնական տեղեկատուութեան մէջ այս անուններու օգտագործման վերաբերեալ»:

Սակայն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան մասին 28 Նոյեմբերի տեղեկագիրին մէջ եւս օգտագործեց Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը, ինչպէս նաեւ Արցախի միւս յայտնի տեղանունները: