image

Ատրպէյճան պիտի շարունակէ խաղաղարար ճիգերը. Հաճիզատէ

Ատրպէյճան պիտի շարունակէ խաղաղարար ճիգերը. Հաճիզատէ

Յունուար 28-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Բանակի օրուան կապակցութեամբ իր ելոյթին մէջ ըսած է, որ Ատրպէյճանին առաջարկած է ստորագրել սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկողութեան մեխանիզմի եւ չյարձակման մասին համաձայնագիր։

Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական հարցերով գերատեսչութենէն մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն արձագանգած է Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին, ըսելով, թէ նշուած համաձայնագրի նախագիծի քննարկման սկիզբէն հայկական կողմին կոչ ըրած են «վերջ դնելու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ շարունակուող պահանջներուն, սակայն Հայաստանը իբր գործնական քայլեր չէ ձեռնարկած այդ ուղղութեամբ»։

«Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւնը նպատակ ունի շեղել ուշադրութիւնը խաղաղութեան մասին երկկողմ համաձայնագրի նախագիծի եւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացէն։

Բոլորին յայտնի է, որ «Հայաստանը 30 տարի շարունակ կոպտօրէն խախտած իր պարտաւորութիւնները» միջազգային պայմանագրերու շրջածիրէն ներս, որոնց մէջ ճանչցուած էմեր տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, սպառազինութիւններու վերահսկման մեխանիզմները։

«Այս ուղղութեամբ, հայկական կողմէ միջոցներ ձեռնարկելու փոխարէն գործնական նշանակութիւն չունեցող առաջարկներ հնչեցնելը թիւրիմացութիւն կը ստեղծէ եւ անընդունելի է: Հաշուի առնելով վերը նշուածը, ինչպէս նաեւ այն, որ, ինչպէս յայտարարեց վարչապետ Փաշինեանը, իր երկիրը կը վարէ ռազմականացման լուրջ քաղաքականութիւն, վերջին տարիներուն կնքուած են պայմանագրեր քանի մը միլիառ տոլարի զէնքի մատակարարման, ռազմական արդիւնաբերութեան զարգացման համար, Հայաստանի այն պնդումը, թէ լրջօրէն կը վերաբերին խաղաղութեան գործընթացին, «քաղաքական շահարկում է», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտօնական Պաքուի մէջ կը կարծեն, թէ նման «կողմնակալ յայտարարութիւնները» կը խոչընդոտեն տարածաշրջանին մէջ հետագայ զարգացումն ու յառաջընթացը՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի կանոնները եւ սկզբունքները յարգելու վրայ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ իր ջանքերը եւ Հայաստանէն համարժէք քայլեր կ’ակնկալէ ոչ թէ խօսքով, այլ՝ գործով», յաւելած են գերատեսչութենէն: