image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան աւարտած է Բերձորը շրջանցող նոր մայրուղիի շինարարութիւնը

Ատրպէյճան աւարտած է Բերձորը շրջանցող նոր մայրուղիի շինարարութիւնը

Ատրպէյճանն աւարտած է Արցախի Բերձոր քաղաքը շրջանցող նոր մայրուղիի շինարարութիւնը, կը հաղորդէ minval.az-ը։

Բերձորը շրջանցելու նոր մայրուղիի շինարարութիւնը սկսած է 2021 թուականի յուլիսին։ Ճանապարհի ընդհանուր երկարութիւնը 32 քմ է (որմէ 10 քմ-ը կը գտնուի Հայաստանի տարածքին), գրած է աղբիւրը:

Յիշեցնենք, որ Արցախի տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեանը Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչները զգուշացուցած է, որ մինչեւ 25 օգոստոս պէտք է լքեն Աղաւնոն և Բերձորը:

2020-ի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով կը նախատեսուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապն ապահովելու համար առաջիկայ 3 տարիներու ընթացքին կողմերու համաձայնութեամբ պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը պիտի վերատեղակայուի՝ այդ երթուղին պաշտպանելու համար: Սակայն Ատրպէյճանը, առանց այդ նախագիծի հաստատման (այդպէս պնդած է հայկական կողմը), Կոռնիձոր գիւղի սահմանէն ճանապարհ հարթած է ներկայ միջանցքէն աւելի հարաւ։

4 Օգոստոսին ՀՀ կառավարութեան նիստին տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան յայտարարած է, որ նոր ճանապարհին ՀՀ-ի կողմէ միացող Տեղ-Կոռնիձոր-սահման հատուածը պատրաստ պիտի ըլլայ 2023-ի գարնան, աշխատանքներն արդէն ընթացքի մէջ են։