ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թուիթըրեան էջին հայ ռազմագերիներու հարցով գրառում ըրած է՝ նշելով, որ սա արդէն երկրորդ դէպքն է, երբ Ատրպէյճանը կը հրաժարի կեանքի կոչելէ հայ ռազմագերիները վերադարձնելու իր խոստումը:
«Առաջին դէպքը մայիսին էր, երբ խոստումը տրուեց Պրիւսէլում, իսկ երկրորդը՝ հիմա, երբ Ատրպէյճանը Ուաշինկթընում պարտաւորուեց մինչ սեպտեմբերի 30-ը 17 հայ ռազմագերու ազատ արձակել»,- գրած է Փաշինեան: