image

Աստուած Կայ. Գրեց՝ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան (Տեսանիւթ)

Աստուած Կայ. Գրեց՝ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան (Տեսանիւթ)

 

Վերջին ամիսներուն Հալէպէն Երեւան տեղափոխուած Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան կը գրէ ՝

Երկրաշարժի զոհերուն եւ նիւթական վնասներուն պատճառով ցաւ չզգալը անկարելի է։ Ահաւոր ցնցում ապրեցան Սուրիոյ որոշ քաղաքներու բնակիչները, մանաւանդ` Հալէպցիները։ Պատկերները ինքնին հարուածին սաստկութիւնը կը պարզեն։ Մահ, աւերակ, տագնապ ու սարսափ...։ Բայց ի տես այս յուզիչ երեւոյթին` կան մարդիկ, որոնք Աստուծոյ նկատմամբ անվայել, վատ եւ ամօթալի խօսքերով կ`արտայայտուին։ Ո'չ բոլորը, բայց կան նման ձեւով արտայայտութիւն ունեցողներ։ Պոռթկումը ընդունելի է, Տիրոջ հանդէպ որոշ չափով գանգատիլը դարձեալ սուրբ գրային է, ինչպէս երբեմն կը կարդանք Սաղմոսներուն մէջ։ Սակայն "Պիտի չաղօթեմ", "Ո՞ւր էիր Աստուած" եւ ուրիշ խօսքեր, միայն գայթակղելու, շփոթութեան մատնուելու, յուսալքութիւն եւ տկարութիւն զգալու կը ծառայեն։

Ցաւողին ցաւազրկիչ պէտք է, եւ ոչ միտք թունաւորող եւ կասկած արթնցնող խօսքեր։ Կարեկցելու, աջակցելու եւ ցաւակից ըլլալու համար հարկ է խուսափիլ զԱստուած այպանելէ։ Արարիչը հարցաքննելը մեր իրաւասութիւնը ՉԷ։ Աղօթելու, գործելու եւ մարդասիրութիւն ցուցաբերելու ժամանակն է։ Լուռ մնացողը եւ Տիրոջ յուսացողը աւելի խոհեմ է, քան այն անձը որ զԱստուած կը մեղադրէ։ Արցունք թափողին լռութիւնՆ ալ լսելի աղօթք է։ Հաւատքով "Տէր իմ" կանչողին ձայնը լսելի է, քան Տիրոջ բողոք բարձրացնողին եւ մեղադրողին անիմաստ եւ խանգարող աղմուկը։

Աստուած կայ...։

Տէրը օգնական ըլլայ տառապեալ հալէպահայութեան։ Սիրելիներ, ահաւոր եւ ողբերգական կացութեան մէջ էք։ Կրկին ալեկոծ եղաւ ձեր առօրեան։ Տիրոջ հովանիին ներքեւ մնաք...։

Տէր Յիսուս Քրիստոս, Քու զօրութեամբ օգնէ Քեզի ապաւինած ժողովուրդդ։