Առնուազն 300 մարդ զոհուած է Իրանի մէջ անկարգութիւններու հետեւանքով. Իրանցի զօրավար

Առնուազն 300 մարդ զոհուած է Իրանի մէջ անկարգութիւններու հետեւանքով. Իրանցի զօրավար

Իրանի մէջ սեպտեմբերի կէսերէն ի վեր զանգուածային անկարգութիւններ ու բողոքի ցոյցեր տեղի կ'ունենան երիտասարդ կնոջ` Մահսա Ամինիիի մահէն յետոյ։

Իրանի մէջ անկարգութիւններու հետեւանքով առնուազն 300 մարդ մահացած է։ Այս մասին յայտարարած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի օդատիեզերական ուժերու (ՕՏՈւ) հրամանատար Ամիր Ալի Խաճիզատէն։

«Մենք չկարողացանք թշնամիները տարբերել անոնցմէ, որոնք կ'աջակցէին մեզի», – Խաճիզատէի խօսքերը կը մէջբերէ Mehr գործակալութիւնը։

Յիշեցնենք, որ 13 սեպտեմբերին Մահսա Ամինին ձերբակալուած էր Թեհրանի մէջ բարքերու ոստիկանութեան կողմէ եւ ուղարկուած ոստիկանութեան ու հետախուզական զօրքերուն պատկանող «Ֆարաճայի» կեդրոններէն մէկը` բացատրական զրոյցի։ Իրաւապահներու յայտարարութեան համաձայն` այդ կեդրոնին մէջ ան սրտի կաթուած ստացած է, որմէ  յետոյ կինը  անյապաղ տեղափոխուած է հիւանդանոց։ Երեք օր անց` 16 սեպտեմբերին, ան մահացած է։ Բնակիչները Մահսայի մահուան մէջ կը մեղադրեն բարքերու ոստիկանութիւնը` յայտարարելով, որ ան մահացած է ծեծուելէ յետոյ։

Երիտասարդ կնոջ մահը զանգուածային ցոյցերու պատճառ դարձած էր Իրանի շարք մը խոշոր քաղաքներուն մէջ։