Դատախազութիւնը Արմէն Սարգսեանի` մինչեւ նախագահ դառնալը այլ երկրի քաղաքացի ըլլալու մասին «Հետք»ի հրապարակումը ուղարկած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն: Տեղեկութիւնը փոխանցած է գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը:
Ըստ անոր` հրապարակումե ԱԱԾ փոխանցուած է` նկատի ունենալով, որ Սարգսեանի երկքաղաքացիութեան փաստը թաքցնելու դէպքի առթիւ դեռեւս 2021-ի Ապրիլին յարուցուած է քրէական գործ` փաստաթուղթեր կեղծելու յատկանիշերով: Հրապարակումը այս գործի շրջանակին մէջ կը դառնայ ստուգման առարկայ:
«Հետք» պարբերականը, յղում ընելով Փտածութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան լուսաբանման նախագիծին, հետաքննութիւն հրապարակած էր, որու համաձայն` Արմէն Սարգսեանը Հայաստանի քաղաքացի ըլլալէ բացի, նաեւ այլ երկրի քաղաքացի էր առնուազն մինչեւ նախագահ դառնալը:
Ըստ կայքին` Սարգսեանը Քարիպեան ծովուն մէջ գտնուող փոքր երկրի` Սենթ Քիթս եւ Նեւիսի քաղաքացի եղած է:
«Հետք»ի տեղեկութեան համաձայն` նախագահը ունէր Սենթ Քիթս եւ Նեւիսի անձնագիր, ինչ որ հաստատուած է Սարգսեանի հետ նամակագրութեան ընթացքին: Սահմանադրութեան համաձայն` Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուող պահանջներէն է վերջին վեց տարուան մէջ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի ըլլալ ու վերջին վեց տարուան մէջ Հայաստանի մէջ մշտապէս բնակիլը:
Աւելի վաղ Hetq.am-ը գրած էր, որ Արմէն Սարգսեանը ՀՀ նախագահ դառնալու ժամանակ Քարիպեան ծովուն մէջ գտնուող փոքր երկրի` Սենթ Քիթս եւ Նեւիսի քաղաքացի եղած է: