Դեկտեմբեր 4-ին Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Սպիտակ տան մէջ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի հետ, յայտնած են Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի գրասենեակէն։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ հանդիպման անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակին․ «Արմէն Գրիգորեանը վերահաստատել է հայ-ադրբեջանական յարաբերութիւնների կարգաւորման եւ խաղաղութեան գործընթացը շարունակելու ՀՀ յանձնառութիւնը»։
Գրիգորեանն ու Սալիվանը քննարկած են նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տնտեսական եւ անվտանգային հարցեր։
Միացեալ Նահանգներ աշխատանքային այցի ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը հանդիպած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան քարտուղարի փոխտեղակալ Լաուրա Քուփըրի հետ: Այս մասին Գրիգորեանը գրած է դիմատետրեան էջին, նշելու, որ միտքեր փոխանակուած են երկկողմ համատեղ ծրագրերու իրականացման շուրջ, ընդգծուած են խաղաղապահ գործունէութեան շրջածիրէն ներս համագործակցութիւնը եւ փոխգործակցման խորացումը երկու երկիրներու զինուած ուժերու միջեւ:
Երկուստեք կարեւորած են ՀՀ Զինուած ուժերու ժողովրդավարական կառավարման եւ հաշուետուողականութեան բարձրացմանն ուղղուած աշխատանքները: