Սպաննութիւն եւ սպաննութեան փորձ կատարելու կասկածանքով կ'որոնուի Արմաւիրի մարզի Նալբանդեան գիւղի 41-ամեայ բնակիչ Մանուկ Մարգարեանը, յայտնած են Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութենէն: Ըստ տեղեկութիւններուն ան զինուած է։
Անոր գտնուելու վայրի վերաբերեալ տեղեկութիւններ ունենալու պարագային ոստիկանութիւնը կը խնդրէ անմիջապէս զանգահարել ՆԳՆ ոստիկանութիւն՝ 1-02 հեռախօսահամարին։
Աւելի վաղ ՆԳՆ-էն յայտնած էին, որ Արմաւիրի մարզին մէջ ոստիկանութեան ծառայող մահացած է եւ կայ վիրաւոր։
Ոստիկանութեան Արմաւիրի բաժինը տեղեկութիւններ ստացած է, որ Արմաւիրի մարզի Նալբանդեան համայնքի բնակիչներէն մէկը զինուած է։
Ըստ նախնական տուեալներուն՝ նշուած անձը վնասազերծելու ընթացքին ան կրակոցներ արձակած է ոստիկանութեան ծառայողներու ուղղութեամբ։
Ոստիկանութեան մէկ ծառայող զոհուած է, միւս ծառայողը փոխադրուած է բժշկական կեդրոն։