image

Արմատներով Մուսալեռցի մարզիկուհին այցելած է Այնճար

Արմատներով Մուսալեռցի մարզիկուհին այցելած է Այնճար

Յակոբ Կէպեշեանի եւ Քրիստինէ Աբրահամեանի զաւակը՝ մարմնամարզուհի Հուրի Կէպեշեան, ծնողներու ծննդավայրը՝ Այնճար, այցելեց Սեպտեմբեր 2022ին, Մուսա լերան քառասուն օրերու հերոսամարտի 107րդ տարեդարձին առիթով:

 

Ո՞վ է Հուրի Կէպեշեան:

Յակոբը եւ Քրիստինէն եօթանասունական թուականներուն, ձգելով Այնճարը` կը գաղթեն Միացեալ Նահանգներ. հոն կ՛ամուսնանան եւ կ՛ունենան զաւակներ, որոնց երկրորդը` Հուրին, կը ծնի 27 Յուլիս 1989ին, Մեսեչուսեց նահանգի Քեմպրիճ քաղաքին մէջ:

Ան 2007ին կ՛աւարտէ Հիւսթընի Հիւսիսային աւագ դպրոցը: Ապա, 2011ին կ՛աւարտէ Այօուայի համալսարանը եւ կը ստանայ մարմնակրթութեան վերապատրաստման պաքալորէայի վկայականը:

Հուրի Կէպեշեան այդ շրջանին կ՛ունենայ կրկնակի քաղաքացիութիւն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի:

Հոկտեմբեր 2011ին ան Հայաստանը կը ներկայացնէ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ` մասնակցելով աշխարհի մարմնակրթութեան ախոյեանական մրցումներուն, կը ստանայ 45.899 թիւ` դառնալով 128րդ մարզիկուհին:

2012ին մարմինի վնասուածք ստանալով` չի կրնար մասնակցիլ Ողիմպիական մրցումներուն: Ապա բժիշկ դառնալու մտադրութեամբ՝ ան կ՛ընդունուի Ուէյք բժշկական դպրոցը եւ զայն կ՛աւարտէ 2014ին` ստանալով գիտութիւններու պսակաւոր աստիճան:

Հուրի Կէպեշեան չորս տարի մարմնակրթական մրցումներէ բացակայելէ ետք, Ապրիլ 2015ին կը մասնակցի Եւրոպայի մարմնակրթական ախոյեանութեան մրցումներուն, Ֆրանսայի Մոնփըլիէ քաղաքին մէջ` հասնելով աւարտական մրցումին, դառնալով 19րդ, ունենալով 51.198 թիւ:

Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքին մէջ, 2015ին ան կը մասնակցի մարմնակրթութեան ախոյեանութեան մրցումներուն եւ իր շահած կէտերով ան իրաւունք կ՛ունենայ մասնակցելու Պրազիլի Ռիօ տէ Ժաներօ քաղաքին մէջ 7 Օգոստոս 2016ին տեղի ունեցած Ողիմպիական մարմնակրթական մրցումներուն՝ ներկայացնելով Հայաստանը: Հուրին իր ելոյթները գագաթնակէտին կը հասցնէ մարմնակրթութեան մէջ նոր շարժում մը կատարելով: Մրցումի աւարտին, շարժումը կը ստանայ «Gebeshian Skills» անունը:

Հուրի Կէպեշեան ներկայիս կ՛աշխատի Օհայօ նահանգի Քլիվլընտ քաղաքի հիւանդանոցին մէջ:

 

Զաւէն Գ. Ղարիպեան