image

Առկայ է խաղաղութեան պայմանագրի կնքման իրական հնարաւորութիւն. Արարատ Միրզոյեան

Առկայ է խաղաղութեան պայմանագրի կնքման իրական հնարաւորութիւն. Արարատ Միրզոյեան

Սեպտեմբեր 24-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջածիրէն ներս ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Անալենա Պերպոքի հետ:

Ինչպէս յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ-էն, զրուցակիցները քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ՝ երկկողմ օրակարգ, ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան խորացում, տարածաշրջանային թեմաներ։ 

«Մենք բարձր ենք գնահատում Գերմանիայի աջակցութիւնը ՀՀ-ում ժողովրդավարական բարեփոխումների շարունակական արդիւնաւէտ կեանքի կոչմանը թէ՛ անմիջականօրէն երկկողմ, թէ՛ ԵՄ հարթակում, եւ սա, ի հարկէ, ՀՀ-ին աւելի է մօտեցնում Եւրոպական միութեանը, մենք ուսումնասիրում ենք համագործակցութեան նոր հեռանկարներ»,- ընդգծած է ՀՀ ԱԳ նախարարը։

Երկուստեք արձանագրուած է, որ ՀՀ-ԵՄ փոխգործակցութիւնը կը զարգանայ շարք մը կարեւոր ուղղութիւններով՝ արտացոլուելով ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան նոր օրակարգին մէջ։ 

Հայաստանի եւ Գերմանիոյ ԱԳ նախարարները հանգամանալից անդրադարձ կատարած են տարածաշրջանային զարգացումներուն։ 

Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային իրավիճակի հարցով միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներու շուրջ։ Արարատ Միրզոյեանն ընդգծած է, որ այս պահուն կայ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման իրական հնարաւորութիւն, որու իրացման համար անհրաժեշտ է ամուր քաղաքական կամք, որ Հայաստանն իր կողմէ յստակ արտայայտած է։