image
Հրատապ լուրեր:

Արհի. Տ. Գէորգ եպս.ի այցելութիւնները՝ Քեսապ եւ ապա Հալէպ

Արհի. Տ. Գէորգ եպս.ի այցելութիւնները՝ Քեսապ եւ ապա Հալէպ

Օրերս Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ Արհի. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան հերթաբար այցելած է Սուրիոյ Քեսապ հայկական աւանը, որմէ ետք ալ ան գտնուած է Հալէպ։

Նշենք, որ Գերապայծառի այս այցելութիւնները տեղի կ՚ունենան Թուրքիան հարուածած աղէտալի երկրաշարժէն ետք, որ նաեւ ծանրօրէն զգացուած էր Սուրիոյ Քեսապ եւ Հալէպ շրջաններուն մէջ։

Հալէպի մէջ Գերպ. Այցելած է հայ երեք համայնքապետերուն եւ այդ առթիւ ալ ներկայացուած է հակիրճ լրատւութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Չորեքշաբթի, 1 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ Արհի. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանը, որուն կ՚ընկերակցէր Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Տէր Սարգիսեանը։

Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդը, յետ երկրաշարժին իր կատարած զօրակցական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս, այցելեց Սրբազան Հօր եւ իր զօրակցութիւնն ու եղբայրական սէրը յայտնեց անոր, Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին։

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Թեմէն ներս տարուող աշխատանքներուն եւ ներկայ իրավիճակին, բարեյաջող եւ օրհնաբեր ծառայութիւն մաղթեց Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդին։