image

Արեւմուտքի Նպատակն է Ռուսիան դուրս մղել Կովկասէն. Զօր. Շոյկու

Արեւմուտքի Նպատակն է Ռուսիան դուրս մղել Կովկասէն. Զօր. Շոյկու

Արեւմուտքը ամէն կերպով կը փորձէ միջամտել Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին եւ վարկաբեկել ռուսական խաղաղապահ քաղաքականութիւնը: Այս մասին, ինչպէս յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթի-ն, Մինսքի մէջ ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին յայտարարած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկու:

«Ինչ կը վերաբերի կովկասեան տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին, այդ մեծապէս պայմանաւորուած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման աստիճանով: Այժմ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան ապահովման կ'աջակցի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը: Այնուամենայնիւ, Արեւմուտքը կը փորձէ ամէն կերպով միջամտել իրավիճակին, մեծցնել իր ներկայութիւնը եւ վարկաբեկել ռուսական խաղաղապահ քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Շոյկու։

Անոր խօսքով՝ Արեւմուտքի համար գլխաւորը «Ռուսիան Հարաւային Կովկասէն դուրս մղելն է, այլ ոչ թէ երկարաժամկէտ հեռանկարով ապահովել տարածաշրջանի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը»։

«Անոր օրինակն է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան, այսպէս կոչուած, քաղաքացիական առաքելութիւնը, որ կը ներառէ զինուորականներ եւ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներ: Կը կարծեմ՝ կարիք չկայ բացատրելու, թէ իրականութեան մէջ ինչով անոնք զբաղած են»,- ըսած է Շոյկու։

«Այդ առումով մենք անհրաժեշտ կը համարենք շարունակել աշխատանքը ՀԱՊԿ առաքելութիւն տարածաշրջան ուղարկելու ուղղութեամբ»,- ընդգծած է նախարարը։