Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան օրերս այցելած է Հոլանտա, ուր եկեղեցական քանի մը համայնքներէն ներս կարեւոր միջոցառումներ տեղի ունեցած են անոր նախագահութեան ներքոյ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան 16-18 Յունուարին այցելեց Նիտերլանտներ, ուր եկեղեցական քանի մը համայնքներէն ներս կարեւոր միջոցառումներ տեղի ունեցան իր նախագահութեան ներքեւ։
Ամսթերտամի մէջ Սրբազան Հայրը հանդիպում մը ունեցաւ խումբ մը երիտասարդներու հետ, որոնք Մեծ Պահքի շրջանին քանի մը օրուայ առանձնացում կը կազմակերպեն տեղաբնակ երիտասարդներու համար։ Երեկոյեան Խաժակ Արքեպիսկոպոս երիտասարդներու եւ համայնքի այլ անդամներու հետ Ս. Հոգի եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ Խաղաղական ու Հանգստեան ժամերգութեան։
Յաջորդ օր, Խաժակ Արք. Պարսամեան այցելեց Ամերսֆորթ քաղաք, ուր նախագահեց Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի արարողութեան, զոր մատոյց Ամսթերտամի հոգեւոր հովիւ՝ Տարօն Քհնյ. Թադեւոսեան։ Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, Սրբազան Հայրը այցելեց Ալմելօ քաղաք, ուր տեղի կ'ունենար ֆութպոլի մտցում մը, մասնակցութեամբ Նիտերլանտներու հայ եկեղեցական համայնքներու երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն։ Մրցումները սկսան Սրբազան Հօր աղօթքով ու բացման խօսքով։
Երեկոյեան, Խաժակ Սրբազան մեկնեցաւ Ութրեխթ քաղաք, մասնակցելու Նիտերլանտներու եկեղեցիներու խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած Քրիստոնէական միասնութեան համար աղօթքին։ Ժամերգութիւնը կատարուեցաւ քրիստոնէական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Միջեկեղեցական ժամերգութեան Խաժակ Սրբազան Հօր հետ մասնակցեցան նաեւ Տարօն Քահանան ու Գրիգոր Սրկ. Այվազեանը։
