image

«Արդեօ՞ք պատիժներ կ'ըլլան Ատրպէյճանի դէմ». Տիգրան Համասեան

«Արդեօ՞ք պատիժներ կ'ըլլան Ատրպէյճանի դէմ». Տիգրան Համասեան

 

Յայտնի ճազ դաշնակահար Տիգրան Համասեան դիմատետրեան էջին անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հանդէպ յարձակման ու պատմած հետեւողներուն սահմանին կատարուող իրադարձութիւններու մասին։ Համասեան տեղեկացուցած է, որ որոշած է չչեղարկել նոյեմբերին սպասուող իր շրջագայութիւնը, որ երաժշտութեան միջոցով կարենայ սփոփել իր հանդիսատեսը։

«13 Սեպտեմբերէն այնպիսի զգացողութիւն էր մօտս, որ կ'ուզէի նստիլ տունը եւ յետաձգել կեանքիս բոլոր ծրագիրները, բայց շնորհակալ եմ Աստծուն, որ յանկարծ լուծումը գտայ երաժշտութեան ստեղծման ու հնչիւններու մէջ․ այս գործընթացը կ'օգնէ, որ ողջամիտ մնամ յուսահատութեան այս ժամանակաշրջանին․․․ Գուցէ, իմ լսարանին ալ պէտք է նման սփոփանք երաժշտութեան միջոցով։ Այսպիսով, կ'ուզեմ տեղեկացնել, որ նոյեմբերին՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ նախատեսուած իմ շրջագայութիւններն ուժի մէջ են»,-գրած է աշխարհահռչակ հայ երաժիշտը:

«Իմ սիրտը այն 130 զինուորներու ընտանիքներու հետ է, որոնք զոհուած են ատրպէյճանական բանակի՝ Հայաստանի սահմաններ ներխուժման հետեւանքով։ Ցաւօք սրտի՝ միջազգային մամուլը Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու հանդէպ այս ներխուժումը անուանած է «սահմանային բախումներ», որովհետեւ անոնք այս օրերուն քիչ մը նաւթ կը ստանան Ատրպէյճանէն, որով կը փոխհատուցեն ռուսական նաւթի պակասը... Տեսնենք՝ արդեօք կ'ըլլա՞ն ինչ-որ պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի դէմ կամ ռազմական փոքրիկ օգնութիւն Հայաստանին, թէ՞ Եւրոպայի կամ Հիւսիսային Ամերիկայի համար այնքան ալ «կարեւոր» եւ «յարմար» չէ ինչ-որ բան ըսել այս իրավիճակի վերաբերեալ»,-աւելցուցած է ան։