Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է Սերգէյ Ղազարեանը, որու մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի մէկ այլ հրամանագրով Դաւիթ Բաբայեանն ազատուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պաշտօնէն:
Սերգէյ Ղազարեանը մինչ այս կը զբաղցնէր Հայաստանի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցչի պաշտօնը: