image

Արցախ պիտի շարունակէ իր պայքարը. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախ պիտի շարունակէ իր պայքարը. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 16 Ապրիլին ընդունած է Արցախի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդի անդամները: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի նախագահի աշխատակազմը:

Քննարկուած են տարածաշրջանին առնչուող հիմնախնդիրները՝ վերջին աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու պարունակին մէջ:

Նախագահ Յարութիւնեանը, ներկայացնելով Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, խօսած է ձեռնարկուող քայլերու մասին: «Արցախը շարունակում է պայքարն իր ինքնորոշման իրաւունքի իրացման համար՝ չընդհատելով անկախ պետականաշինութեան գործընթացը»,- նշած է Նախագահը՝մանրամասնելով Արցախի ապագային առնչուող վտանգները, տեսլականն ու ռազմավարութիւնը:

«44-օրեայ պատերազմից յետոյ Արցախի անվտանգային նոր համակարգը ձեւաւորուում է ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հետ համագործակցութեամբ: Խաղաղապահները ներգրաւուած են շփման գծում ծագող խնդիրների լուծմանը: Ակնկալելով նրանց թուաքանակի աւելացում՝ մենք զուգահեռաբար բարելաւում ենք անվտանգութեան սեփական մեխանիզմները»,- նշած է Ա. Յարութիւնեանը:

Քննարկուած են նաեւ ստեղծուած պայմաններուն մէջ Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման, ժողովրդագրական վիճակի բարելաւման, գիտակրթական ոլորտին եւ հանրային կեանքին մէջ եղած խնդիրներուն առնչուող հարցեր:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ ԱՀ պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, ԿԳՄՍ նախարար Անահիտ Յակոբեանը: