image

«Արցախը չի կրնար Ատրպէյճանի կազմի մէջ ըլլալ». Սէյրան Օհանեան

«Արցախը չի կրնար  Ատրպէյճանի կազմի մէջ ըլլալ». Սէյրան Օհանեան

Արցախցին եւ հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը փափաքի, որ Արցախի ժողովուրդը իր պատմական տարածքին մէջ ինքնորոշուած ըլլայ իր բոլոր իրաւունքներով, այս մասին Ազատութեան հրապարակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը՝ լրագրողներու խնդրանքով մեկնաբանելով լուրը, որ Մոսկուայի մէջ Փութին–Փաշինեան բանակցութիւններու ընթացքին վերջնական համաձայնութիւն կայացուած է ԼՂ հիմնահարցին շուրջ, թէեւ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը աւելի ուշ խմբագրած է այդ հաղորդագրութիւնը եւ հանած է «վերջնական» բառը։

«Արցախցին եւ հայ ժողովրդի մեծամասնութիւնը, գիտակից մասը մեր ժողովրդի ցանկանում է, որ Արցախի ժողովուրդն իր իսկ պատմական տարածքում ինքնորոշուած լինի իր բոլոր իրաւունքներով, եւ Արցախը նաեւ չի կարող լինել Ատրպէյճանի կազմում, որովհետեւ, նախ՝ Արցախը Խորհրդային Միութեան փլուզման ժամանակահատուածում Ատրպէյճանի հետ մէկտեղ ինքնորոշուել է, եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը որեւէ կապ չունի Արցախի հետ», ըսաւ ան։

Սէյրան Օհանեան նշած է, որ Ատրպէյճանը ինք չի փափաքիր, որ Արցախը իր կազմին մէջ ըլլայ։ «Որովհետև, եթէ ցանկանար, նա իր գործողութիւնների մէջ կը գնար խաղաղութեան։ Խաղաղութեան քօղի տակ Ատրպէյճանն անընդհատ շարունակում է ճնշումները Հայաստանի և Արցախի իշխանութիւնների վրայ», ըսած է ան։

Անդրադառնալով իշխանութիւններուն նախաձեռնած խաղաղութեան օրակարգին, Սէյրան Օհանեան ըսած է, որ ոչ ոք կ'ըսէ, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պէտք է ըլլայ, սակայն խաղաղութեան համար պէտք ըլլան պայմաններ։

«Խաղաղութեան համար նախ հայ-թուրքական յարաբերութիւնները հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնների հետ չպէտք է կապեն, որովհետեւ հէնց դա կապում են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնների հետ, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ընդունմամբ մեծ քար ենք նետում Արցախի ճակատագրին, եւ նրա հեռանկարն անորոշ է դառնում։ Եւ միւսը՝ նոյն Ատրպէյճանը, արդեօ՞ք ցանկանում է ընդունել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Եթէ Ատրպէյճանը պատրաստ է ընդունել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ապա օր առաջ իր զօրքերը ՀՀ տարածքից, սահմաններից պէտք է ետ քաշի։ Ի հարկէ, նաեւ միւս նախապայմանները, որոնք մեզ համար անընդունելի են։ Օրինակ՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը», ըսաւ ան։