image

Արցախի նախկին ղեկավարներու դէմ շինծու դատավարութեան յաջորդ նիստը պիտի կայանայ յունուար 21-ին, իսկ Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը՝ յունուար 27-ին

Արցախի նախկին ղեկավարներու դէմ շինծու դատավարութեան յաջորդ նիստը պիտի կայանայ յունուար 21-ին, իսկ Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը՝ յունուար 27-ին

Պաքուի մէջ Արցախի նախկին ղեկավարներու դէմ  շինծու գործերով դատավարութիւնը պիտի շարունակուի յունուար 21-ին, իսկ նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ դատավարութիւնը՝ յունուար 27-ին։ Այս մասին հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ռուբէն Վարդանեանը եւ անոր պաշտպանը երկու միջնորդութիւն ներկայացուցած են Պաքուի մէջ արցախահայութեան դէմ դատական կեղծ գործի շրջածիրէն ներս։

Նշուած է, որ ատոնցմէ մէկը Վարդանեանի նկատմամբ ապօրինաբար յարուցուած գործը համատեղելն էր 15 հայերու դէմ գործի հետ, որոնք նոյնպէս կը մեղադրուին շինծու յանցանքներու մէջ։

Միւս միջնորդութիւնը կը վերաբերէր գործի նիւթերուն ծանօթանալու համար Վարդանեանին լրացուցիչ ժամանակ տրամադրելուն։ Դատախազն առարկած է գործերը համախմբելու միջնորդութիւնը։