ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնն Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի դիմումը փոխանցած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան։ Այս մասին հաստատած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն։
Յիշեցնենք՝ Սամուէլ Շահրամանեանը նամակով դիմած էր Աննա Վարդապետեանին՝ խնդրելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնատար անձանց կողմէ առերեւոյթ յանցագործութիւններ կատարելու մասին հրապարակումներն ընդունիլ որպէս յանցագործութեան մասին հաղորդում։
«Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները շահագրգռուած են պաշտօնատար անձանց կողմից կատարուած հնարաւոր չարաշահումները բացայայտելու եւ մեղաւոր անձանց պատասխանատւութեան ենթարկելու հարցում»,- նշուած էր Արցախի տեղեկատուական շտաբի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։