image

Արցախի մէջ նոր նախարարներ նշանակուած են

Արցախի մէջ նոր նախարարներ նշանակուած են

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, 29 դեկտեմբերին, հաստատած է կառավարութեան որոշումը՝ Սուրէն Արմաւիրի Գալստեանը Արցախի Հանրապետութեան կադաստրի եւ պետական գոյքի կառավարման կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն ազատելու մասին:

Նոյն օրը նախագահ Յարութիւնեանն ստորագրած է հրամանագրեր, որոնց համաձայն՝  Սուրէն Գալստեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան  տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար, իսկ Հրանտ Կամոյի Սաֆարեանը՝ Արցախի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար:

Հրանտ Սաֆարեան կը զբաղցնէր Արցախի Հանրապետութեան գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը: