image

Արցախի մէջ երէկ ինքնաբուխ հաւաք կայացաւ

Արցախի մէջ երէկ ինքնաբուխ հաւաք կայացաւ

Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ խումբ մը քաղաքացիներ բողոքի հաւաք կ'իրականացնեն: Անոնք փակած են նախագահական նստավայրի մուտքը եւ կը պահանջեն, որ նախագահը դուրս գայ եւ պատասխանէ իրենց հարցերուն:

Քաղաքացիները կը պնդեն, որ իրենց մտահոգութիւններուն անձամբ նախագահը պէտք է պատասխանէ:

Ըստ հաւաքուողներուն՝ միջազգային հանրութեան ջանքերով պէտք է հասնիլ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելուն: