Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ Ապրիլ 25-ին տեղի ունեցած է կառավարութեան ընդլայնուած նիստ:
Երկրի ղեկավարը ներկայացուցած է Հանրապետութեան մէջ տիրող ռազմաքաղաքական իրավիճակը եւ Արցախի շուրջ արտաքին քաղաքական վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս` վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մասնակցութեամբ Պրիւքսէլի եւ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումներիւ ծիրին մէջ: Նախագահը շեշտած է, որ Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ այս փուլին որեւէ փաստաթուղթ չի քննարկուիր, եւ ՀՀ վարչապետին հետ կայ յստակ պայմանաւորուածութիւն, համաձայն որուն` Արցախի հետագայ կարգավիճակին հետ կապուած միջազգային մակարդակով որեւէ քննարկման պարագային հայկական կողմի դիրքորոշումը պէտք է համաձայնեցուած ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդի կարծիքին հետ:
Անդրադառնալով հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան առնչուող հարցերուն` նախագահ Յարութիւնեան նշել է, որ յետպատերազմեան շրջանին աւելի մեծցած ԱՀ եւ ՀՀ պետական կառավարման համակարգերուն միջեւ սերտ կապեր ունենալու եւ ՀՀ գործընկեր գերատեսչութիւններուն հետ փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը: Այդ ծիրին մէջ երկրի ղեկավարը յանձնարարած է կառավարութեան անդամներուն ցուցաբերել նախաձեռնողականութիւն` ընդգծելով, որ պետական մակարդակով յառաջիկային քայլեր պիտի ձեռնարկուին այդ կապերը աւելի ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձ կատարած է նաեւ երկրի կենսագործունէութեան եւ ընկերատնտեսական զարգացման հարցերուն` նշելով, որ բնակարանաշինական աշխատանքները պիտի շարունակուին ամբողջ ծաւալով, սակայն առաջնահերթութիւններէն ելլելով` պիտի վերանայուին ընդհանուր ներդրումներու շարք մը ծրագրեր:
Խօսելով պետական կառավարման համակարգի աշխատանքին մասին` Արայիկ Յարութիւնեանը շեշտած է, որ շարունակական ջանքեր պէտք է գործադրուին պետական մարմիններու գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ` պահանջելով տեսչական ու վերահսկողական գործառոյթներ իրականացնող պետական մարմիններէն աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել գնումներու իրականացման գործընթացներուն եւ ֆինանսներու արդիւնաւէտ ծախսման վրայ: Նախագահը յանձնարարած է անզիջում եւ հետեւողական պայքար տանիլ փտածութեան երեւոյթներու դէմ եւ բացառել բոլոր հնարաւոր չարաշահումները: Երկրին ղեկավարը զգուշացուցած է կառավարութեան անդամներուն, որ պետական պաշտօնեայի որեւէ չարաշահման պարագային օրէնքով սահմանուած պատասխանատուութեան միջոցներ պիտի կիրառուին:
Նիստի ընթացքին շահագրգիռ կառոյցներու պատասխանատուներուն քննարկուած հարցերուն վերաբերեալ նախագահին կողմէ տրուած են շարք մը յանձնարարականներ: