Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պիտի շարունակեն միջազգային ճանաչման ուղղուած իրենց ջանքերը: Այս մասին յայտնած է ԼՂՀ պետական նախարար Արտակ Բեկլարեանը:
«Մենք շարունակելու ենք ջանքեր գործադրել Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ: Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումից յետոյ հնարաւոր կը լինի դիտարկել նաեւ հանրապետութեան` Հայաստանի կազմ մտնելու հարցը», յայտարարած է Բեկլարեանը:
Ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը այս պահուն «ինքն իրեն ուժեղ կը զգայ», բացի այդ` այդ երկիրը ռազմաքաղաքական աջակցութիւն կը ստանայ Թուրքիայէն, այդ պատճառով Արցախի իշխանութիւնները ուղիներ պիտի փնտռեն, որպէսզի «աստիճանաբար, քայլ առ քայլ լուծեն իրենց խնդիրները, իսկ հետագային արդէն` Ատրպէյճանի հետ ուղիղ բանակցութիւններու միջոցով»: Բեկլարեանի խօսքով` անոր համար Ատրպէյճանը պէտք է պատրաստ ըլլայ խաղաղութեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ Արցախի իշխանութիւնները Երեւանի հետ բանակցութիւններ կը վարեն Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման վերաբերեալ: «Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման հարցի շուրջ բանակցութիւններ են տարւում, շփումներ են իրականացւում, սակայն ներկայում տուեալ հարցում յառաջընթաց չկայ», ըսած է Բեկլարեանը:
Անոր խօսքով` կարելի է պնդել, որ Հայաստանը փաստացի ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղը, քանի որ հանրապետութիւններուն մէջ կը գործեն հորիզոնական կապեր` «ինչպէս նմանը նմանի հետ»: