image

Արցախի հեռուստատեսութիւնը կը վերսկսի իր գործունէութիւնը՝ Երեւանէն (Տեսանիւթ)

Արցախի հեռուստատեսութիւնը կը վերսկսի իր գործունէութիւնը՝ Երեւանէն (Տեսանիւթ)

Արցախի հեռուստատեսութիւնը վերսկսած է իր գործունէութիւնը:

Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի հեռուստատեսութեան դիմատետրեան էջէն:

Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը անդրադառնալով Արցախի հեռուստատեսութեան գործունէութեան վերսկսման գրած է.

«Արցախի հեռուստատեսութիւնը վերսկսում է իր գործունէութիւնը, թէեւ փոքր կազմով, բայց չափազանց կարեւոր դերակատարութեամբ՝ անելու հնարաւորը արցախցիների շրջանում սոցիալական կապերի, հայկական ինքութեան արցախեան առանձնայատկութիւնների եւ արցախեան բարբառի պահպանման, արցախցիներին յուզող խնդիրները վերհանելու, դրանց մասին պարբերաբար բարձրաձայնելու ուղղութեամբ»:

Տեսանիւթին մէջ ըսուած է, որ հեռուստաընկերութիւնն այսօր չունի սարքաւորման յագեցուածութիւն, տաղաւարներ, բայց ունի կամք ու նուիրում ամէն ինչ նորէն սկսելու համար։ Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան լրագրողները միասնական ուժերով ստեղծած են «10–րդ նահանգ» լրագրողական հասարակական կազմակերպութիւնը, որու առաջին ծրագիրն Արցախ TV-ն պիտի ըլլայ։

Արցախի հեռուստատեսութիւնն իր գործունէութիւնը դեռ պիտի ծաւալէ ընկերային ցանցերու վրայ` «Ֆէյսպուք», «Եութուպ», «Թելեկրամ»։