Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներուն հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի աշխատելու ՀՀ ԱԱԾ-ի մէջ, այդ շարքին՝ աւագ սպաներուն։
Համապատասխան նախագիծը հաւանութեան արժանացած է ՀՀ կառավարութեան 27 յունիսի նիստի ժամանակ եւ ուղարկուած Ազգային ժողով` հաստատման:
Փոփոխութիւններու էութիւնն այն է, որ ՀՀ ԱԱԾ-ի մէջ ծառայել ցանկացողներէն շատերը ղեկավար եւ բարձր պաշտօններ զբաղցուցած են Լեռնային Ղարաբաղի ԱԱԾ-ի մէջ եւ ունեցած սպայական բարձր կոչումներ, եւ վերջիններուս կողմէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալը բաւարար հիմք չէր ՀՀ ԱԱԾ-ի մէջ հաւասար զինուորական պաշտօնի նշանակուելու համար։
Այժմ, այս օրինագիծի ընդունմամբ, այդ արգելքը վերացուած է։