image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի ԱԱԾ-ն նոր ղեկավար ունի՝ Արարատ Մելքումեան

Արցախի ԱԱԾ-ն նոր ղեկավար ունի՝ Արարատ Մելքումեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 16 յունուարին ստորագրած է շարք մը հրամանագրեր։

Համաձայն հրամանագրերու՝

Զօրավար-մայոր Աշոտ Յակոբջանեանն ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն եւ արձակուած է ազգային անվտանգութեան մարմիններուն մէջ ծառայութենէն՝ երկարամեայ ծառայութեան կենսաթոշակի անցնելու կապակցութեամբ։

Զօրավար-մայոր Արարատ Մելքումեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն՝ ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն:

Սամուէլ Շահրամանեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ ազատուելով Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալի պաշտօնէն։