Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է եւս երեք բուժառու: Այս մասին յայտնած են Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին։
Յիշեցնենք, որ մինչ այդ՝ 19 դեկտեմբերէն մինչեւ այսօր 18 հիւանդ Արցախէն տեղափոխուած է Հայաստանի տարբեր հիւանդանոցներ։