image

Արցախցիք կը սպասեն Արայիկ Յարութիւնեանի վերադարձին

Արցախցիք կը սպասեն Արայիկ Յարութիւնեանի վերադարձին

Արայիկ Յարութիւնեանի պատուիրակութիւնը դեռ Երեւան է, կը նախատեսուի հանդիպումներ ունենալ քաղաքական ուժերու հետ: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է Ստեփանակերտի մէջ կայացող հաւաքներու մասնակիցներէն Մարատա Ստեփանեանը` նշելով, որ այս պահուն բողոքի ցոյցերը դադրած են, կը սպասեն պատուիրակութեան  վերադարձին:

«Մենք դեռ կը սպասենք իրենց յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ, երբ վերադառնան բացատրութիւններ պիտի պահանջենք` ինչ են խօսել, ինչ են ասել եւ այլն, քանի որ հանրութիւնը կը սպասէ այս հանդիպման արդիւնքներին»,-ըսած է ան:

Նշենք, որ Արցախի մէջ մի քանի ինքնաբուխ բողոքի հաւաքներ կայացան, քաղաքացիները հաւաքուած էին Վերածնունդի հրապարակ եւ պահանջած, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները` մասնաւորապէս երկրի նախագահը, հանդիպի իրենց եւ բացատրէ, թէ ինչ կը նշանակեն վերջին յայտարարութիւնները եւ ինչ կը սպասուի Արցախին: Անկէ ետք նախագահի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն ժամանած է Երեւան:

Նշենք, որ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը արդէն հանդիպած է Նիկոլ Փաշինեանին եւ Արարատ Միրզոյեանին: