image

Արցախցիք դէմ են, որ ատրպէյճանեան բեռը Ստեփանակերտ մուտք գործէ

Արցախցիք դէմ են, որ ատրպէյճանեան բեռը Ստեփանակերտ մուտք գործէ

29 օգոստոսի ուշ գիշեր, հարիւրաւոր արցախցիներ հաւաքուած են Ակնա-Ստեփանակերտ ճանապարհին՝ թոյլ չտալու ատրպէյճանական բեռերու մուտքը: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին յայտնած է Տեղեկատուական շտաբի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանը եւ լուսանկար հրապարակած:

«Այս պահին հարիւրաւոր մեր հայրենակիցների հետ գտնւում ենք Ակնա (Աղդամ) Ստեփանակերտ ճանապարհին։

Ադրբեջանի կեղծ «հումանիտար բեռը» չի մտնելու Արցախ։

Ովքեր ունեն հնարաւորութիւն միացէք մեզ։

Ամենայն հաւանականութեամբ գիշերելու ենք այստեղ»,- գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը 40 թոն ալիւր ուղարկած է Արցախ: