Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան համակարգմամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած շուրջ 120 երեխայ մեկնած է Հունգարիա՝ մասնակցելու ամառնային ճամբարի։
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ Տաթեւիկ Ստեփանեան 19 օգոստոսին Զուարթնոց օդակայանէն ճանապարհած է ճամբար մեկնող երեխաները։
Հունգարիոյ Պալաթոն լիճի ափին գտնուող Զանքայի Էրժեպեթ ճամբար մեկնած են 8-14 տարեկան երեխաներ, որոնց կ'ուղեկցի շուրջ 30 աշխատակից՝ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան համակարգէն եւ Արմաւիրի մարզի տարբեր համայնքներէն։ Ուղեկցողներու շարքին են ընկերային աշխատողներ, հոգեբաններ, մանկավարժական աշխատանքի փորձ ունեցող անձինք, բժիշկներ։
Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած երեխաներուն համար Հունգարիոյ ամառնային ճամբարի փորձնական ծրագիրն կ'իրականացուի Հայաստանի եւ Հունգարիոյ կառավարութիւններու համատեղ ջանքերով, աշխատանքներու իրականացման գործընթացին կ'աջակցին երկու երկիրներու մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները։
Նախատեսուած է, որ նախաձեռնութիւնը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ՝ ճամբար մեկնելու հնարաւորութիւն տալով Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած շուրջ 1000 երեխայի։ Այդ մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը: