2023 Սեպտեմբերէն ի վեր Պաքուի բանտերուն մէջ շղթայուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը պիտի սկսի 17 Յունուար 2025-ին։
Լուրը կը հաղորդեն ազերպայճանական լրասփիւռները՝ վկայակոչելով դատաւորներու խումբի անդամ Անար Ռզաեւը։
Գերեվարուած հայորդիները կ՚ամբաստանուին շարք մը ծանր մեղադրանքներով։ Անոնց կը սպառնայ ցկեանս բանտարկութիւն։