Միացեալ Նահանգներու յատուկ դեսպանորդ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ շփումները եղած են բողոքի ցոյցերէն առաջ եւ ետք եւ դեռ կը շարունակուին, յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին Al AJazeera-ին տուած հարցազրոյցին։
Ան ըսած է, որ Թեհրանի մէջ կ՚ուսումնասիրուին Ուաշինկթընի հետ քննարկուած գաղափարները։
Ան նշած է, որ Իրանը պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու, սակայն հաւասար հիմունքներով:
Յիշեցնենք, որ Թրամփը ընկերային ցանցի էջերուն գրած էր, որ Իրանի հետ գործարքներ կնքող որեւէ երկիր 25% մաքսատուրք պիտի վճարէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ բոլոր գործարքներու համար: