Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Լեւոնեան Հայ Վարժարանէն ներս, ուր յաճախակի առիթներով այցելութիւն տուած է: Ան յիշեց կեդրոնի կարեւոր դերակատարութիւնը հոգեւոր ու կրթական մարզերէն ներս: Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ սերտ գործակցութեան:
Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան վերջին օրը, Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի հրաւէրին, իր պատուիրակութեամբ այցելեց Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան:
Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կարճ արարողութեան աւարտին, Հոգեւոր Տէրը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին գալուստը՝ նշելով, թէ սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն միշտ գոյութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթոլիկ Պատրիարքարանին միջեւ, իսկ համահայկական բնոյթ ունեցող մտահոգութիւններու ու մարտահրաւէրներու գծով միշտ միասին գործած ենք: Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Լեւոնեան Հայ Վարժարանէն ներս, ուր յաճախակի առիթներով այցելութիւն տուած է: Ան յիշեց կեդրոնի կարեւոր դերակատարութիւնը հոգեւոր ու կրթական մարզերէն ներս: Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ սերտ գործակցութեան:
Ապա, Հոգեւոր Տէրը պաշտօնական ճաշկերոյթով պատուեց Նորին Սրբութեան այցելութիւնը: Ճաշկերոյթի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կերպով պատրաստուած ձեռաց խաչ մը նուիրեց Հոգեւոր Տիրոջ, ինչպէս նաեւ յուշանուէր խաչ՝ Լեւոնեան Հայ Վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի:



