Օրեր առաջ Երեւանի մէջ կայացած ձեռնարկի մը ընթացքին Մխիթարեան Միաբանութեան նուիրեալ անդամներէն Հայր Մեսրոպ վրդ. Թօփալեանի Դանիէլ Վարուժան հանճարեղ բանաստեղծին նուիրուած արժէքաւոր աշխատասիրութիւնը ներկայացուեցաւ։
Միջոցառումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրողների Միութեան յարկին ներքոյ, ուր ձեռամբ ՀԳՄ-ի նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանի յատուկ շքանաշան մըն ալ տրուեցաւ երախտարժան հեղինակին։
Միացնելով մեր շնորհաւորական խօսքերը ուղղուած Մխիթարեան նուիրեալին «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը կիսենք այս առթիւ սիրելի վարդապետին կողմէ հնչեցուած սրտի խօսքը։

Սրտաբուխ շնորհակալութեանս խօսքը կ’ուղղեմ այն բոլոր Քոյրերուս եւ Եղբայրներուս, որոնք ազնուօրէն շնորհաւորեցին տրուպս Հայաստանի Գրողներու Միութեան շքանշանին պարգեւատրումին ու պատուոյ անդամակցութեան համար:
Հաւանեցայ բարեհաճութեամբ ու հաւանութեամբ իմ Առաջնորդ Հոգեւոր Տիրոջս՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին, ինչպէս նաեւ զօրաւոր պնդումով իմ հարազատ ու սիրայարգ երկու Բարեկամներուս՝ Փրոֆ. Դոկտ. Արշակ Փոլատեան դեսպանին եւ Մագ. Գրիգոր Ք. Ճապուրեան ճարտարագէտին:

Քոյրերս-Եղբայրներս, նաեւ Ձեզի կ'ուղղեմ այն շնորհակալութեան գիրս, զոր յուզումնախառն սրտատրոփով կարդացի այս առիթին համար՝ յարգոյապատիւ Պատասխանատուներուն եւ Ձեզի կրկին յայտնելով իմ անհուն երախտագիտութիւնս, ինչպէս ալ խնդրելով Ձեր աստուածահաճոյ աղօթքը:
«Դուք, երբ կատարէք ամէն բան, որ հրամայուած է ձեզի, ըսէ՛ք.
’Ապիկար ծառաներ ենք. ըրինք, ինչ որ պարտական էինք ընել’ » (Ղկ. 17,10):
Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Աստուածային Վարդապետին
այս խօսքին հոգեկանութեամբ՝ ապիկարս կը հաստատեմ,
որ ձեռնադրեալ ծառայ եմ իմ սիրապաշտած Տիրոջս
եւ սպասարկու ծառայ եմ իմ յաւերժակեաց Ազգիս
ու պատմապանծ Հայրենիքիս:
Իբր այդպիսին՝ ահա, արդէն գրական-ստեղծագործական
60 տարիներ,
ինչպէս նաեւ քահանայական-հովուական
ու կրթական-դաստիարակչական 50 տարիներ կը ծառայեմ,
ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ մեր Մխիթարեան Միաբանութեան
սրբաշնորհ Հիմնադիրը՝ Սեբաստացի Մխիթար Աբբահայրը,
«ի փառս մեծագոյնս Աստուծոյ,
ի պատիւ ամէնօրհնեցելոյ Կու¬սին Մարիամու»,
ու նոյնպէս կը սպասաւորեմ
«ի յօգուտ Ազգիս հայկազնոյ
եւ ի յօգուտ մանկանց Եկեղեցւոյ»:
Ա՛յս հոգեմտաւոր գիտակցութեամբս՝
կ’ընդունիմ այս պատուաբեր պարգեւատրումն
ու անդամակցութիւնը
եւ Աստուծոյ Ծառայ Հիմնադրիս հետ
երախտապարտ սրտովս կը ձայնեմ համեստօրէն.
«Խոնարհ սրտով կը նուիրեմ Քեզի, ո՜վ իմ հայ Ազգ սիրելի,
իմ 60 եւ 50 տարիներուս ծառայութիւնները,
Քեզի կը նուիրեմ, ինչ որ իմս է, քանի ինչ որ Քուկդ է, այն իմս է,
եւ այսպէս կը պարծենամ Քեզի ծառայելով,
որովհետեւ մեր Միաբանութեան նպատակն է
սիրել Աստուած ու Քեզ,
ո՜վ Ազգ իմ պաշտելի,
ծառայել Աստուծոյ եւ Քեզի,
պարզապէս փառաւորելու համար քու մէջդ՝
Յիսուս Քրիստոսը, որուն փառք, յաւիտեանս: Ամէն»։
Յարգարժան Ներկաներ, հոգեկից Եղբայրներ ու սրտակից Բարեկամներ,
իմ սրտաբուխ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ
Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահին, Վարչականներուն եւ Անդամներուն,
նախաձեռնած երկու հարազատ անձնաւորութիւններուն,
մեր թեմին Գերպտ. Առաքելական Կառավարիչին, Գերյ., Գերպտ. եւ Արժնպտ. Հայրերուն,
ու Ձեզի՝ Ձեր քաջալեր ներկայութեան համար:
Երախտագիտօրէն կը բացագանչեմ.
«Դալար մնա՜յ մեր Մեծասքանչ Լեզուն:
Ապրի՜ մեր յաւերժածնունդ Ժողովուրդը:
Ներկայաշէն յաղթանա՜կ մեր սուրբգրային Երկրին:
Ապագայակերտ ե՜րթ մեր դրախտավայր Հայրենիքին:
Միշտ ծածանի՜ մեր Եռագոյնը մասիսափառ:
Կեցցէ՛ Հայութիւն: Կեցցէ՛ Հայաստան»:
Խորին շնորհակալութեանս իբր ամենադոյզն ապացոյցը՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան գրադարանին կը նուիրեմ իմ վերջին նորատիպս՝ «Դանիէլ Վարուժան՝ հոգեկանութեան ծիրէն ներս»:
- Շնորհակալութի՛ւն:
Մեսրոպ Հայունի