image

Ապաքինման մաղթանք ՝Տիար Անդրանիկ Պօղոսին

 Ապաքինման մաղթանք ՝Տիար Անդրանիկ Պօղոսին

Օրերս  վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուած է Հալէպի  կրթական շրջանականերուն ծանօնթ անուն հանդիսացող, երկար տարիներիւ դաստիարակ եւ տնօրէն՝ Տիար Անդրանիկ Պօղոսը։

 

 Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ՝ համացանցէն։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ յաջողութեամբ  պսակուած  Տիար Անդրանիկի վիրաբուժական գործողութիւնը տեղի ունեցած է Հալէպի  Ֆրանսական հիւանդանոցէն ներս, ձեռամբ  ճարտար  բժիշկ ՝ Ազիզ Սապպաղի։

 

 Կրկին անգամ  շուտափոյթ ապաքինման մեր մաղթանքները կը հաղորդենք, լիայոյս ըլլալով, որ  մեր հայրենակիցը շուտով վերադառնայ Հալէպի «Կրթասիրաց» վարժարանի տնօրէնի իր նուիրական պաշտօնին։