image

Ապաքինման մաղթանք (Լուսանկար)

 Ապաքինման մաղթանք (Լուսանկար)

 Հալէպահայ շրջանակներու մէջ բարի համբաւ ունեցող, կրթական յայտնի մշակ օրդ. Գայիանէ Թիւմպէլեան  բոլորած է բուժման կարեւոր փուլ մը եւ ներկայիս ալ պիտի շարունակէ մնալ Պէյրութի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։ Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ օրդ. Գայիանէի առողջական վիճակը ներկայիս կը գնահատուի բաւարար եւ ան պիտի շարունակէ մնալ բժիշկներու ուշադրութեան կեդրոնին։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ երկար տարիներ ու մասնաւորապէս Սուրիան ու Հալէպը հարուածած պատերազմի ծանրագոյն ժամանակներուն օրդ. Գայիանէն ձեռնահասօրէն վարեց ՀԲԸՄ-ի Հալէպի դարաւոր «Լազար Նազարեան- Գալուստ Կիւլպէնկեան» ճեմարանի վարժարանի տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնը։

Ան շնորհիւ իր մօտեցումներուն, կրթական բարձր ունակութիւններուն եւ բարեհամբոյր բնաւորութեան կարճ ժամանակի մը ընթացքին դարձաւ Հալէպահայ կրթական ոլորտի սիրուած ու յարգուած անհատականութիւններէն մին։

 

 Այս առթիւ  քաջառողջութեան  լաւագոյն  մաղթանքներ կը յղենք  օրդ. Գայիանէին յուսալով, որ անոր առողջութիւնը ամբողջութեամբ կը վերականգնի շարունակելու համար իր ազգօգուտ ծառայութիւնները։

 

Օրդ Գայիանէն  իր խումբ մը հալէպահայ աշակերտներուն հետ։