image
Հրատապ լուրեր:

Անթիլիաս. Ընթերցուեցաւ տարուան հայրապետական հռչակագիրը

Անթիլիաս. Ընթերցուեցաւ տարուան  հայրապետական հռչակագիրը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ լուրերը  հաղորդող «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք.

«Ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2026 տարին, հայրապետական յատուկ հռչակագիրով, յայտարարեց «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»։ Ամէն տարի, Սուրբ Ծննդեան յաջորդող կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի մատուցման ընթացքին, կ՚ընթերցուի հայրապետական հռչակագիրը։ 2003 թուականէն սկսեալ, Վեհափառ Հայրապետը իւրաքանչիւր տարին նուիրեց մեր կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը, թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ ամբողջ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերել զայն՝ իրենց մտածումներուն, գործերուն եւ ընդհանրապէս կեանքին մէջ:

Առ այդ, Կիրակի, 11 Յունուար 2026-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ, ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ընթերցեց հայրապետական հռչակագիրը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս հռչակագիրին մէջ կը նշէ, որ պարագայական որոշում մը չէր այս տարին հոգեւոր կեանքի վերանորոգման նուիրելը, այլ հրամայական անհրաժեշտութիւն էր՝ ի տես հայ կեանքէն ներս հոգեւոր կեանքի առանցքային կարեւորութեան նահանջին: Ան Պօղոս առաքեալի հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին վրայ հիմնուելով (Հռ 8.5-8)՝ հոգեւոր կեանք հասկացութիւնը կը սահմանէ հետեւեալ մտածումով. «հոգեւոր կեանք կը նշանակէ հոգեւորը նկա­տել գերիվեր նիւթականէն եւ մարդկային կեանքը իմաստաւորել Աստուծոյ ներկայութեամբ ու զայն լեցնել երկնային արժէքներով: Չմոռ­նանք, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ մարդը, ֆիզիքականէն անդին ու վեր, հոգեւոր գոյութիւն է՝ Աստուծոյ պատկերով ու նմա­նու­թեամբ ստեղծուած։ Հոգեւոր կեանքը այնպիսի կեանքի որակ է, որուն առանցքը Քրիստոս Ինքն է՝ Իր ուսուցումները, հրաշքներէն եկող պատգամները, Իր խաչն ու յարութիւնը. այլ խօսքով, Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան խորհուրդն ու փրկագործական նպատակը՝ շաղախուած մարդու կեանքին, մտածումին ու գործին հետ։ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ. «ես չէ որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է, որ կ՚ապրի իմ մէջս: Այս կեանքը, որ այժմ կ՚ապրիմ մարմինով, կ՚ապրիմ հաւատալով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ Իր կեանքը զոհեց ինծի համար» (Գղ 2.20): Ահա՛ հոգեւոր կեանքի հիմքը»։

Նորին Սրբութիւնը ապա լուսարձակի տակ կ՚առնէ ներկայ ժամանակներու կենցաղին ազդեցութիւնը հոգեւոր կեանքին վրայ։ Անդրադառնալով Աստուածաշունչին՝ ան կ՚ըսէ. «Աստուածաշունչը կը պարունակէ Աստուծոյ յայտնութիւնը՝ գրի առնուած Սուրբ Հոգիով ներշնչուած անձերու կողմէ: Հետե­ւաբար, Աստուածաշունչը Աստուածային ճշմարտութիւններու, սկզբունք­նե­րու, արժէքներու, պատուիրան­ներու եւ ուսուցումներու ամբող­­ջու­թիւն մըն է: Հին Կտակարանը կը շեշտէ մար­դուն մեղանչումը եւ մար­գարէներու թելադ­րու­թիւնն ու յիշեցումը՝ վերադառ­նալու Աս­տու­­ծոյ, մարդուն մէջ վերականգնելու Աստուծոյ անկեալ պատկերն ու նմանութիւնը: Նոր Կտա­կարանը Աս­­տու­ծոյ Որդւոյն մարդեղու­թեամբ ու առաքելու­թեամբ իրա­գործո­ւած կոչ մըն է մար­դուն՝ ապ­րելու Քրիս­տոսով տրուած «լեցուն կեան­քը» (Յհ 10.10), հետեւելու երկ­­նային արժէքներու եւ ընթանալու փրկու­­թեան ճանապարհէն: Արդ, Աստուածաշունչին համաձայն, հո­գեւոր կեանքը մարդուն վե­րադարձն է իր երկնաւոր Հօր՝ Աստուծոյ. ան Աստու­ծոյ ներկա­յու­թիւնն է մարդու կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի հետեւիլ է՝ երկնային ճշմարտութիւններու ու արժէք­ներու կենսագոր­ծումով»։ Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ եկեղեցւոյ, Հայրապետը կը նշէ, որ ծէսը, վանական կեանքն ու մշակոյթը արտայայտիչ ազդակներ են հոգեւոր կեանքին։ «Այսօր, պայմաններու բերումով, մեր ժողովուր­դին մօտ հոգեւոր կեանքը չի ներկայացներ նոյն կենսունակ վիճակը ու հարազատ պատկերը՝ յարաբե­րա­բար անցեալին», կ՚ըսէ Հայրապետը՝ կատարելով հետեւեալ նշումները.-

ա) Հայ եկեղեցին դարձած է առաւելաբար ծիսակեդրոն, հետեւաբար հրամայական եւ անյետա­ձգե­լի է ծիսական կեանքի բարեփոխումը՝ ներ­կայ պայ­ման­ներու ու պահանջներու պատշաճեցումով,  աւան­դու­թիւն­նե­րու ու տօ­նախմբութիւններու ճոխա­ցու­մով եւ ժողովուրդին գոր­­ծօն մաս­նակ­­ցու­­թեամբ:

բ) Պատմութեան ըն­թացքին հայ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան ու ծառայութեան մէջ ազ­գա­յինը դարձած է տիրական՝ ի հեճուկս հոգեւորին։ Առանց անտեսելու ազ­գային արժէք­նե­րու կարեւորու­թիւնը, անհրաժեշտ է որ եկեղե­ցին յա­տուկ նախաձեռնութիւններու դիմելով՝ շեշտէ հո­գեւոր արժէք­նե­րու կենսական կարեւորութիւնը հայ կեան­քէն ներս՝ որ­պէս աղբիւրը մեր բարոյական, մշակու­թային, կրթական ու ազգային արժէքներուն:

գ) Մեր կրօ­նական շրջա­նակներէն ներս հո­գե­ւոր կեանքը սկսած է դառնալ ընդ­հան­րա­պէս ձեւական ու ցուցական եւ հայ իրականութենէն ներս՝ լու­սանց­քային։ Հոգեւոր արժէք­ներու ներթա­փան­ցումը մեր ան­հա­­տական, ընտանեկան ու հաւաքա­կան կեանքէն ներս տակաւին կը կարօտի աւելի ազդու ու ներգործող նա­խաձեռ­նութիւններու ու հետեւողական աշխատանք­ներու:

Վերջապէս, Հայրապետը մանրամասն կ՚անդրադառնայ հոգեւոր կեանքին եւ հայրապետական հռչակագիրը կ՚աւարտէ հայրական թելադրութիւններով՝ ուղղուած համայն հայութեան։

Յիշեալ հայրապետական հռչակագիրը շուտով պիտի հրապարակուի։