31 օգոստոսին Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպան Հրաչեայ Փօլատեան, Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանի ուղեկցութեամբ, հանդիպում ունեցած է Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ, Ալեքսանդրիոյ Պապ եւ Ս. Մարկոսի աթոռի պատրիարք Թաւատրոս Երկրորդի հետ։ Յայտնած է Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպանութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին ՀՀ դեսպան Հ․ Փօլատեան ղպտի հոգեւոր առաջնորդին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած աղէտալի մարդասիրական իրավիճակը եւ ընդգծած միջազգային հանրութեան կողմէ անյապաղ եւ հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը՝ կանխելու համար Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու դէմ իրականացուող ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը եւ ապահովելու ԼՂ հայերու անվտանգութիւնը եւ իրաւունքները։
Պապ Թաւատրոս Երկրորդը կոչ ըրած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն բանալու Հարաւային Կովկասի Լաչինի միջանցքը՝ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման եւ անոնց սովէն փրկելու նպատակով՝ ընդգծելով, որ այս կենսական միջանցքը փակուած է 2022-ի դեկտեմբերէն։
«Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդը յոյս յայտնած է, որ երկու հարեւան երկիրներու միջեւ խաղաղութիւն կը հաստատուի»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հանդիպման ընթացքին Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Թաւատրոս Երկրորդին փոխանցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրը՝ մասնակցելու Հայաստանի մէջ այս տարուան հոկտեմբերին կայանալիք Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան։