Էջմիածնի «Քիմիկներ»ու զօրամասէն 44-օրեայ պատերազմ մեկնած եւ մինչ օրս անհետ կորսուած համարուող զինծառայողներու ծնողերը փակած են Երեւանի Բաղրամեան պողոտան եւ Բաղրամեան–Պռոշեան հատուածը, քանի որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը անոնց չէ ընդունած։
Նշենք, որ ծնողները նախորդ շաբաթ եւս փակած էին Բաղրամեան–Պռոշեան պողոտան։ Այն ժամանակ անոնք դադրեցուցին արշաւը` պայմանով, որ մէկ շաբթուան ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կամ անոր աշխատակազմէն որեւէ մէկը ընդունելութիւն կազմակերպէ։
Ծնողները խոստացած են, որ պողոտան փակ պիտի մնայ այնքան ժամանակ, քանի դեռ անոնց չեն ընդունած։
«Մեզ նախորդ շաբաթ խոստացան, որ վարչապետի հետ հանդիպում կը կազմակերպեն, բայց խաբեցին։ Մենք ճանապարհը չենք բացելու, քանի դեռ մեզ չեն ընդունել ու մեր հարցերին չեն պատասխանել»,–ըսած է անհետ կորսուած զինծառայողի ծնող Անահիտ Ադոյեանը։
Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ, ոստիկանութեան զօրավար–մայոր Սեւան Քոչարեանը ծնողներուն առաջարկած է հանդիպում կազմակերպել Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան ռազմական հակահետախուզութեան բաժանմունքի պետ, գնդապետ Դաւիթ Սանամեանի հետ, սակայն ծնողները հրաժարած են։
«Մենք 10 օր առաջ եւս մէկ անգամ հանդիպեցինք Սանասարեանի հետ, մենք յոգնել ենք ստախօսներից, 3 տարի է նրանք միայն խոստումներ են տալիս ու մեզ ճանապարհում։ Մենք հանդիպում ենք պահանջում միայն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ»,-ըսած է անհետ կորսուածի ծնող Կարինէ Մանաւազեանը։
Յիշեցնենք, որ այս առնչութեամբ յարուցուած դատական գործը ընթացքի մէջ է, եւ ծնողները կը դժգոհին նաեւ դատավարութենէն։ Որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է ՀՀ գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ Անդրանիկ Մակարեանը։
Ըստ մեղադրանքի` 62 զինծառայողները անոր եւ երկու հրամանատարներու պատճառով Զանգելանի մէջ յայտնուած են ատրպէյճանական շրջափակման մէջ։ Զինծառայողներէն միայն 20-ը յաջողած է դուրս գալ ատրպէյճանական շրջափակումէն, 5-ը գերեվարուած են, 12-ը՝ սպանուած, իսկ 23 զինծառայողներու գտնուելու վայրը անյայտ է: