Մարտ 16-ին Անգարայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան արտահերթ գագաթնաժողովը։ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի եւ Ուզպեքստանի մասնակցութեամբ կայանալիք գագաթնաժողովի օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժերէն ետք կատարուելիք համատեղ քայլերը եւ թրքական աշխարհին հետաքրքրող այլ հարցեր։
Դիտորդի կարգավիճակով հանդիպման ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ ճանաչում չունեցող Հիւսիսային Կիպրոսը, Թուրքմենստանը եւ Հունգարիան։
Գագաթնաժողովէն առաջ՝ մարտ 15-ի երեկոյեան, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը երկկողմ հանդիպումներ ունեցած է Ուզպեքստանի, Ղրղզստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հետ։ Հանդիպումները կայացած են մամուլի համար փակ ռեժիմով։