image

Անգարան պատրաստ է, եթէ...

Անգարան պատրաստ է, եթէ...

Անգարան պատրաստ է դրական քայլերու Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման պարագային։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին Գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»։

«Մենք դրական կը գնահատենք Երեւանի վերջին յայտարարութիւնը, որ անոնք կը ճանչնան Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Կան երկուստեք դրական յայտարարութիւններ։ Մենք կ'աջակցինք անոր։ Ատրպէյճան առաջարկած է համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիր, եւ եթէ Հայաստան ըսէ «այո», շատ շուտով քննարկումներ կ'ըլլան, եւ այն կը ստորագրուի։ Թուրքիան այս իրավիճակին կը դիմէ որոշ դրական քայլերու»,-ըսած է Չաւուշօղլու։