image

Անդրկովկասի մէջ նոր ուղիներու ստեղծումը տնտեսական զարգացում կ'ապահովէ. Միշուսթին ժամանած է Երեւան

Անդրկովկասի մէջ նոր ուղիներու ստեղծումը տնտեսական զարգացում կ'ապահովէ. Միշուսթին ժամանած է Երեւան

Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին 24 օգոստոսին ժամանած է Հայաստան, ուր պիտի հանդիպի Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գործընկերներու հետ։

Ծաղկաձորի մէջ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի արտահերթ նիստէն առաջ Միշուսթին հնդիպած է ՀՀ կառավարութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի հետ: 

Փաշինեանի հետ հանդիպման Ռուսիոյ Վարչապետը ըսած է, որ «նոր ենթակառուցուածքային ուղիներու ստեղծումը եւ Անդրկովկասի մէջ տնտեսական ու նիւթատեխնիկական կապերու ապաշրջափակումը կը նպաստեն տարածաշրջանի կայուն զարգացման»:

«Մենք հետեւողականօրէն կողմ ենք Անդրկովկասի մէջ տնտեսական, փոխադրային եւ մատակարարական (լոճիսթիք) կապերու ապաշրջափակման: Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու պայմանաւորուածութիւններու համաձայն՝ համոզուած եմ, որ նոր ենթակառուցուածքային ուղիներու ստեղծումը կ'ապահովէ տարածաշրջանի կայուն տնտեսական զարգացումը»,-ըսած է Միշուսթին

Ան նշած է, որ այդպիսով կամրապնդուին շփումները տարածաշրջանին մէջ ապրող մարդոց միջեւ։

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն, Միխայիլ Միշուսթինը նշած է, որ «Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, հակառակ համաշխարհային տնտեսութեան դժուարութիւններուն, կը կարեւորէ Հայաստանի հետ դաշնակցային, բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւնները»:

«Օգտուելով առիթէն՝ կ'ուզեմ ձեզի փոխանցել Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի բարեմաղթանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնել ԵԱՏՄ բոլոր միջոցառումները հիանալի կազմակերպելու եւ մեր պատուիրակութիւնը ջերմ հիւրընկալելու համար»,- ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետը: