image

Ան պատերազմին եկած էր Հայաստան եւ մաս կազմած բանակին. Արարատ Թեւոսեանի մասին, որ նահատակուեցաւ օրերս

Ան պատերազմին եկած էր Հայաստան եւ   մաս կազմած բանակին. Արարատ Թեւոսեանի մասին, որ  նահատակուեցաւ օրերս

Արցախի Ասկերանի շրջանի Քարագլուխ բարձունքը պահելու ժամանակ թրքական Պայրաքթարի հարուածէն Մարտ 25-ին զոհուած հատրութցի Արարատ Թեւոսեանը 10 տարի Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ բնակած է, 44-օրեայ պատերազմին 5-րդ օրը վերադարձած էր հայրենիք ու մեկնած՝ առաջնագիծ: Պատերազմէն յետոյ ան միացած է Արցախի պաշտպանութեան բանակին եւ ծառայութեան անցել որպէս պայմանագրային զինուոր:

«Քրասնոտարից եկաւ, ասեց` ես պիտի գնամ, բա ես որ չգնամ, ո՞վ այ գնալու: Ես չգնամ, էն մէկը չգնայ, ո՞վ պիտի պահի հողը, ասեց: Ասեցի` դէ գնա, եթէ գնում ես»,- NEWS.am-ի հետ զրոյցին պատմեց Արարատի հայրը` Վագիֆ Թեւոսեանը:

Արարատը զոհուելէն մօտ 10 օր առաջ այցելած էր ընտանիքին, որ Հատրութէն տեղահանուելէ յետոյ ժամանակաւորապէս կը բնակի Արարատի մարզի Մարմարաշէն գիւղին մէջ: Հայրը կը պատմէ. «Այդ ժամանակ Արարատը, կիսատ թողնելով արձակուրդը, Արցախ էր վերաարձել․ արդէն լուրեր կային, որ Քարագլխի ուղղութեամբ` ատրպէյճանական կողմում անսովոր շարժ ու կուտակում կայ: Ասկերանում Մարտի 21–ին Արարատի 32-րդ տարեդարձն են նշել, դրանից յետոյ նա բարձրացել է դիրքեր»: 

«Ասում էր` հետեւիցս դուք կը կանգնէք, որ չխփեն, ես 4 հոգու իմ վրայ եմ վերցնում: Ձեռքով 4 հոգու նաղդ գետնին կը տապալեմ», Արարատի հետ իր վերջին զրոյցներէն մէկը յիշեց անոր ծառայակից ընկերը` Կարէն Մանկասարեանը:

Ինչպէս ըսած էր Արարատը. յարձակումէն յետոյ ան եւ ընկերները ատրպէյճանցի 5 զինուոր սպաննած են. անկէ յետոյ հակառակորդը զօրքը ետ քաշած է, Պայրաքթարները գործի դրած է. Արարատենց դիրքին անօդաչուն հարուածած է: Առաջին հարուածէն Արարատը վիրաւորուած է, երբ ծառայակիցները եկած են անոր օգնութեան, ատրպէյճանցիիները երկրորդ հարուած հասցուցած են: Պայրաքթարի երկրորդ հարուածէն Արարատն ու եւս 2 զինուր զոհուած են: