image

ԱՄՆ Պիտի պատժէ «Վակնըր»ը

ԱՄՆ Պիտի պատժէ «Վակնըր»ը

ԱՄՆ-ը պատժամիջոցներ պիտի կիրառէ «Վակնըր»-ի նկատմամբ՝ այն ճանչնալով որպէս «միջազգային յանցաւոր կազմակերպութիւն»։

Ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քիրպին։

«Ֆինանսներու նախարարութիւնը Վակնըրը կը ճանչնայ որպէս միջազգային յանցաւոր կազմակերպութիւն»,-ըսած է Քիրպին։

Ան նշած է, որ ԱՄՆ-ը յաջորդ շաբաթ պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ խմբաւորման եւ բազմաթիւ մայրցամաքներու մէջ անոր աջակցող ցանցերու դէմ։