image

ԱՄՆ պիտի չմասնակցի G20-ին. Պատճառը ռուսներն են

ԱՄՆ պիտի չմասնակցի  G20-ին. Պատճառը ռուսներն են

ԱՄՆ պիտի չմասնակցի Ինտոնեզիոյ մէջ G20-ի գագաթաժողովի շարք մը միջոցառումներուն, եթէ այնտեղ ներկայացուած ըլլայ նաեւ Ռուսաստանը: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ ելեւմուտքի նախարար Ճանեթ Յելենը:

«Նախագահ Պայտըն հասկցուց, եւ ես համաձայն եմ անոր հետ, որ Ռուսաստանի համար որեւէ ֆինանսական հաստատութեան մէջ գործերը չեն կրնար սովորական ըլլալ: Ան խնդրեց բացառել Ռուսաստանը G20-էն, եւ ես հասկցուցի Ինտոնեզիոյ մեր գործընկերներուն, որ մենք պիտի չմասնակցինք այն հանդիպումներուն, որոնց ներկայ պիտի ըլլայ Ռուսաստանը», ըսած է ան:

Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած էր, որ կողմ է Ռուսաստանը G20-էն բացառելուն, միաժամանակ մատնանշած էր, որ շարք մը երկիրներ համաձայն չեն այս գաղափարին հետ: