image

Հայաստան-Ատրպէյճան խնդրով ԱՄՆ Կողմ է բանակցութեանց

Հայաստան-Ատրպէյճան խնդրով  ԱՄՆ Կողմ  է բանակցութեանց

Միացեալ Նահանգները ուշադիր կը հետեւի Արցախի զարգացումներուն եւ կոչ կ՛ուղղէ՝ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու` լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ հետագայ սրացումէն խուսափելու համար։ Այս յայտարարութիւնը կատարած է ԵԱՀԿի մէջ ամերիկեան առաքելութիւնը:

ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդին մէջ տարածուած փաստաթուղթին մէջ Ուաշինկթըն դարձեալ ընդգծած է Արցախի հակամարտութեան վերաբերող կամ անկէ բխող հարցերու բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման կարեւորութիւնը:

«Միացեալ Նահանգները խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Արցախի շուրջ բուռն մարտերու, անոնց պատճառով արձանագրուած զոհերուն եւ մարդկային կորուստներուն մասին հաղորդագրութիւններուն գծով»,  նշուած է ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան գործերու հաւատարմատար Քորթնի Օսթրիանի յայտարարութեան մէջ:

Ան դիտել տուած է, թէ Միացեալ Նահանգները դարձեալ կը հաստատէ, որ պատրաստ է համագործակցելու երկկողմ ձեւաչափով, համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան նպաստելու եւ օգնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման: